Armenian Catholic Patriarcate Of Istanbul (original) (raw)
Յիսուս ըսաւ. «Ես դատաստանի համար եկայ այս աշխարհը, որպէս զի չտեսնողները տեսնեն եւ տեսնողները կուրանան»։
Փարիսեցիներէն ոմանք, որոնք իրեն հետ էին, այս բաները լսելով՝ ըսին իրեն. «Միթէ մե՞նք ալ կոյր ենք»։ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Եթէ կոյր ըլլայիք, դուք մեղք չէիք ունենար, բայց հիմա կ՚ըսէք թէ ‘Կը տեսնենք’, ասոր համար ձեր մեղքը ձեր վրայ կը մնայ»։
ՀՈՎԻՒԻՆ ԱՌԱԿԸ
«Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի. ‘Ան որ դռնէն չի մտներ ոչխարներուն բակը, հապա ուրիշ տեղէ՝ անիկա գող ու աւազակ է’։ Բայց ան որ դռնէն կը մտնէ, անիկա ոչխարներուն հովիւն է։ Դռնապանը կը բանայ անոր եւ ոչխարները անոր ձայնը կը լսեն, ու իր ոչխարները անունով կը կանչէ եւ դուրս կը հանէ զանոնք։ Երբ իր ոչխարները կը հանէ, անոնց առջեւէն կ՚երթայ ու ոչխարները իր ետեւէն կ՚երթան, վասն զի անոր ձայնը կը ճանչնան։ Սակայն օտարի ետեւէն չեն երթար, հապա անկէ կը փախչին, վասն զի օտարներուն ձայնը չեն ճանչնար»։
Յիսուս այս առակը ըսաւ անոնց, բայց անոնք չէին իմանար թէ ի՞նչ կը բացատրեր իրենց։
ՅԻՍՈՒՍ՝ ԲԱՐԻ ՀՈՎԻՒԸ
Յիսուս նորէն ըսաւ անոնց. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՚ըսեմ ձեզի. ‘Ես եմ ոչխարներուն դուռը’։ Բոլոր անոնք որոնք ինձմէ առաջ եկան, գող ու աւազակ էին, բայց անոնց չլսեցին ոչխարները։ ‘Ես եմ դուռը’, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ։ Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան ա՛լ աւելի։